2018-02-08 08:27:00

Սփիւռքն արձագանքած է ՀՀ Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի` ներդրումներ ընելու կոչին


Փետրուար 1-ին Ազգային ժողովին մէջ կառավարութեան հետ հարց-պատասխանի ժամանակ «Ելք» խմբակցութեան պատգամաւոր Էտմոն Մարուքեան վարչապետ Կարէն Կարապետեանին հարցուցած է, որ ան մօտ մէկ տարի առաջ դիմած էր Սփիւռքին` կոչ ընելով ներդրումներ ընել: Պատգամաւորը հետաքրքրուած է, թէ մէկ տարի անց որքանո՞վ Սփիւռքը արձագանքած է այդ կոչին, եւ ի՞նչ ներդրումներ  եղած են:

Ի պատասխան` վարչապետ Կարէն Կարապետեան ըսած է, որ իր կոչին արձագանքած են. «Մենք վիճակագրութիւնը ձեզի կը ներկայացնենք այս ամսուան ընթացքին, փետրուարին բոլոր նախարարութիւնները հաշուետուութիւն պիտի ներկայացնեն»: Վարչապետը նաեւ աւելցուցած է, որ 2017-ին 856 միլիոնի ներդրում  եկած է Հայաստան, որմէ 570 միլիոնը` մասնաւոր հատուածէ: Ատկէ բացի, 190 միլիար ներդրում  կատարուած է հէնց մարզերուն մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.